Սատանան կ՚ուզէ որ գործածենք «ԵՍ» բառը։
Автор: ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II
Загружено: 2022-07-10
Просмотров: 13214
Պատրիարք Հայրը բացատրեց որոմներու առակը եւ յայտնեց թէ՝ Աստուած բարի է եւ Իր ստեղծած ամէն ինչ բարի է։ Ապա, ներկայացուց «չար»ը, որ է բարիին մէջ բուծած պակասութիւն մը։ Բարին էական է եւ Աստուածային։ Երբ այս բարին կը պակսի, չարը կը սկսի տեսանելի դառնալ։ Եթէ, ազատ կամքին մէջ Աստուծոյ ճամբաները եւ բարին ընտրենք, չարը գոյութիւն չունենար մեր մօտ։ Մարդը ազատութիւն ունի բարին, ճշմարտութիւնը եւ գեղեցիկը ընտրելու եւ կամ մերժելու։ Ճիշտ է թէ՝ Աստուած վերջ պիտի տայ չարութեան ազդեցութեան, սակայն Ինք կը փափաքի որ մեր ազատ կամքով աշակերտինք Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն։
Доступные форматы для скачивания:
Скачать видео mp4
-
Информация по загрузке: