Նիւթ, (Դաւիթի փառաւոր յաղթութիւնը)։ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 17։38-49 (09-ՆՈՅԵՄԲԵՐ-2025)
Автор: Ara Balekjian
Загружено: 2025-11-09
Просмотров: 80
“Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթին հագցուց ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ ու անոր զրահ ալ հագցուց։ Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղին սուրը մէջքը կապեց ու փորձեց քալել, քանզի սորված չէր։ Բայց Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ»։ Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց։ Իր ցուպը ձեռքը առաւ ու հեղեղատէն իրեն համար հինգ հատ գայլախազ քար ընտրեց ու զանոնք իր հովուական ամանին, այսինքն մախաղին մէջ դրաւ ու պարսատիկը ձեռքը բռնելով Փղշտացիին մօտեցաւ։ Փղշտացին ալ եկաւ ու Դաւիթին մօտեցաւ եւ անոր վահանը վերցնող մարդը անոր առջեւ էր։ Երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր։ Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս» ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց։ Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Ինծի եկո՛ւր, որ քու մարմինդ երկնքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ»։ Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։ Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ՝ ՝ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։ Երբ Փղշտացին ելաւ ու եկաւ Դաւիթին մօտեցաւ, Դաւիթ ալ շուտով պատերազմի ասպարէզը վազեց Փղշտացին դիմաւորելու։ Դաւիթ իր ձեռքը մախաղին մէջ խոթեց ու անկէ քար մը առաւ եւ զանիկա պարսատիկով նետեց ու Փղշտացիին ճակտին զարկաւ եւ քարը անոր ճակտին մէջ մտաւ ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ։”
Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 17:38-49
Доступные форматы для скачивания:
Скачать видео mp4
-
Информация по загрузке: